2016-07-12 12:16:00

Գերապայծառ Կիսօ` կ՛այցելէ Ալ Ազհար համալսարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է որուն մէջ կը յայտնէ թէ Գերապայծառ Միկել Անկել Այուզօ Կիսօ` վերոնշեալ խորհուրդի քարտուղարը, Եգիպտոս մեկնած է փոխ այցելութիւն տալու Ալ Ազհար համալսարանին, անցեալ 23 Մայիսին` Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած պատմական հանդիպումէն ետք։

Գերապայծառ Կիսոյին կ՛ընկերանայ գերապայծառ Պրունօ Մուզարոն` Եգիպտոսի մօտ առաքելական նուիրակը։ Երկու եկեղեցականները` 13 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան նախապատրաստական հանդիպում պիտի ունենան Ալ Ազհարի բարձրագոյն խորհուրդի անդամ եւ Ալ Ազհարի երկխօսութեան կեդրոնի տնօրէն` Տոքթ. Մահմուտ Համտի Զաքզուքի հետ որուն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքի համաձայն, պիտի քննարկուի թէ ինչպէս վերսկսիլ  երկխօսութեան ընթացքը` Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի եւ Ալ Ազհարի Համալսարանի միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.